Holly Mother
Krikor Lusavoriç

Բարի եկաք Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կայքէջը:

Այժմ Անատոլուի մէջ կը գտնուին եօթը եկեղեցիներ, որոնք կը պատկանին Հայ համայնքին: Ասոնցմէ ամենակարեւորն ու հինը Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին է: Զբօսաշրջիկները, եկեղեցւոյ ուխտաւորները, նաեւ պետական պատասխանատուներ, մտաւորականներ, եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւն ունենալ կը փափաքին: Եկեղեցւոյ հիմը դրուած է 1191ին եւ մինչեւ այսօր կանգուն մնացող հազուագիւտ եկեղեցիներէն մէկը եղած է:

Այս կայքէջին մէջ պիտի կարենաք գտնել այս Եկեղեցիին եւ Կեսարիոյ լուսանկարներ, նաեւ պատմական տեղեկութիւններ՝ մեր Եկեղեցւոյ, մեր քաղաքին եւ հիմնադրին մասին: Տեղեկութիւններ պիտի գտնէք նաեւ Կեսարացի համբաւաւոր Հայերու մասին:

Եթէ դուք ալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մասին յիշատակներ եւ լուսանկարներ ունիք, մեզի հետ բաժնեցէ՛ք:

Sen de Bir Mum Yak
  • andre
    07.02.2012
    sen butun kutsanmısları koru ey isa amen
  • pisipisi
    06.02.2012
    rabbim benim bir an önce iş bulmam ve hikmet beyin tum aksi giden islerimizin hayirlisiyla halletmemiz için bize yardim et rabbim bana ogluma kızıma ve sevdiklerime saglik huzur ver her turlu hastaliklardan..kazalardan belalardan..afetlereden.... terslik ve aksiliklerden sen beni ve ailemi koru yolumuzu aydinlat bugun her isim hayirlara donussun elimi darda birakma beni sevdigim insandan ayirma saglik huzur ve mutluluk ver Allahim AMIN..
  • pisipisi
    06.02.2012
    rabbim sevğim beklediğim pis sokak kedim bir an önce yanıma gelsin amin
  • Sarik Ailesi
    11.01.2012
    Yüce Isa Mesih senin icin Anadoluda yapilan Kiliselerin Mumunu ebediyen söndürme taki sen gelene kadar.....

Եկեղեցւոյ Ուխտագնացութիւնները

Kayseri Ermeniler İnanç Ziyareti Կան երեք կարեւոր թուականներ, որոնք կը պատկանին Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան: Ասոնք են. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուիլը, Խոր Վիրապէն ելլելը եւ Սուրբ Մասունքներուն գտնուիլը:

Ըստ 2011ի Հայոց Օրացոյցին այս տարի 9 Ապրիլին պիտի կատարուի Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուելու յիշատակումը, 25 Յունիսին Խոր Վիրապէն ելլելը եւ 9 Յուլիսին Սուրբ Մասունքներուն գտնուիլը:

Նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս ուխտագնացութիւններ պիտի կատարուին 1 Ապրիլին եւ 25 Յունիսին: