Բարի եկաք Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կայքէջը:
Այժմ Անատոլուի մէջ կը գտնուին եօթը եկեղեցիներ, որոնք կը պատկանին Հայ համայնքին: Ասոնցմէ ամենակարեւորն ու հինը Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին է: Զբօսաշրջիկները, եկեղեցւոյ ուխտաւորները, նաեւ պետական պատասխանատուներ, մտաւորականներ, եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւն ունենալ կը փափաքին: Եկեղեցւոյ հիմը դրուած է 1191ին եւ մինչեւ այսօր կանգուն մնացող հազուագիւտ եկեղեցիներէն մէկը եղած է:Այս կայքէջին մէջ պիտի կարենաք գտնել այս Եկեղեցիին եւ Կեսարիոյ լուսանկարներ, նաեւ պատմական տեղեկութիւններ՝ մեր Եկեղեցւոյ, մեր քաղաքին եւ հիմնադրին մասին: Տեղեկութիւններ պիտի գտնէք նաեւ Կեսարացի համբաւաւոր Հայերու մասին:
Եթէ դուք ալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մասին յիշատակներ եւ լուսանկարներ ունիք, մեզի հետ բաժնեցէ՛ք:
-
anadoluinsani02.05.2012barış, sağlık ve huzur dileklerimle..
-
murat27.04.2012tüm insanlar tanrı yardımçısı olsun ve barış içinde olsun
-
15.04.2012ALLAHim sana ne kadar tesekkur etsem azdir yaptigim dualari kabul ettigin icin, elini daima ustumuzden ayirma , AMIN
-
06.04.2012ALLAH Esimin gozune sifa versin , ameliyata ihtiyaci olmasin
Եկեղեցւոյ Ուխտագնացութիւնները
Կան երեք կարեւոր թուականներ, որոնք կը պատկանին Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան: Ասոնք են. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուիլը, Խոր Վիրապէն ելլելը եւ Սուրբ Մասունքներուն գտնուիլը:
Ըստ 2011ի Հայոց Օրացոյցին այս տարի 9 Ապրիլին պիտի կատարուի Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուելու յիշատակումը, 25 Յունիսին Խոր Վիրապէն ելլելը եւ 9 Յուլիսին Սուրբ Մասունքներուն գտնուիլը:
Նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս ուխտագնացութիւններ պիտի կատարուին 1 Ապրիլին եւ 25 Յունիսին: